Այսուհետեւ Թուրքիայն Հայաստան արտահանուած ապրանքներու վերջնական նպատակակէտ կամ ծագման կէտ պիտի նշուի «Հայաստան/Թուրքիա»:
Երրորդ երկրներու միջոցաւ Հայաստանի հետ ներմուծման, արտահանման եւ տարանցիկ գործարքներու մաքսային յայտարարագրերուն կարելի է անմիջապէս ընտրել Հայաստանի պաշտօնական քոտը՝ «077»-ը:
2023 թուականի Յունուարի 1-ին ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու վերաբերեալ ձեռնարկուած առաջին ճշգրիտ թեխնիկական քայլէն ետք համաձայնութեան կիրառման շրջանակը ընդլայնուած է։ Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութեան մաքսային գլխաւոր վարչութեան կողմէ մաքսային վարչութիւններուն ուղարկուած վերջին հրահանգի համաձայն՝ գործող օդային փոխադրուեան համակարգէն բացի՝ թեխնիկական ենթակառուցուածքին այժմ ներառուած են նաեւ ճանապարհային, ծովային եւ երկաթուղային փոխադրութեան միջոցներ։
Մայիսի 13-ին Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Օնճու Քեչելին յայտարարած էր, որ Անգարան եւ Երեւանը աւարտած են երկու երկիրներու միջեւ ուղիղ առեւտուրի մեկնարկի նախապատրաստական աշխատանքները։ Նոր կարգաւորման շնորհիւ հնարաւոր դարձած է, որ երրորդ երկիրներու միջոցով տեղափոխուող բեռերը որպէս վերջնական ուղղութիւն կամ ծագման կէտ նշեն «Հայաստան/Թուրքիա»