image

Պաքուն պիտի փոխէ Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ քաղաքացիներու ժամանակաւոր կեցութեան կանոնները

Պաքուն պիտի փոխէ Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ քաղաքացիներու ժամանակաւոր կեցութեան կանոնները

Ատրպէյճանը մտադիր է փոփոխութիւններ կատարել Ռուսիոյ քաղաքացիներու համար ժամանակաւոր կացութեան կանոններուն մէջ՝ յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէն:

Ան յստակեցուցած է, որ խօսքը, մասնաւորապէս, երկրին մէջ գտնուելու ժամկէտներու մասին է: Գերատեսչութեան ներկայացուցիչը յիշեցուցած է, որ Ռուսիան աւելի վաղ կրճատած է օտարերկրեայ քաղաքացիներու կացութեան ժամկէտները։

«Ատրպէյճանը, ինչպէս եւ արտաքին քաղաքականութեան որեւէ հարցով,  ժամանակաւոր կացութեան եւ գաղթի հարցերով եւս կը մեկնի հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքներէն»,- աւելցուցած է Հաճիզատէն: