Շիիթ առաջնորդ Մուքթատա Սատըրի համախոհները կը շարունակեն գնդակոծել Պաղտատի կեդրոնը գտնուող կառավարական «կանաչ գօտին». հակառակ գործող պարէտային ժամին՝ այդ շրջանին մէջ պայթումներ եւ փոխհրաձգութեան ձայներ կը լսուին: Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն`յղում ընելով «Ալ-Ճազիրա» հեռուստաալիքին։
Իրաքի բժիշկներու վերջին տուեալներով` ցուցարարներու եւ անվտանգութեան ուժերու միջեւ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին զոհերու թիւը հասած է 30-ի, աւելի քան 700 մարդ, որոնց շարքին նաեւ՝ անվտանգութեան ծառայութիւններու 110 աշխատակիցներ, վիրաւորուած են։
Բացի այդ, կառավարութեան անվտանգութեան ծառայութեան տեղեկատուական գրասենեակը Twitter-ի միջոցաւ յայտնած է, որ այսօր առաւօտեան «կանաչ գօտին» գնդակոծուած է 4 հրթիռներով, որոնք վնասած են բնակելի համալիրը:
Անվտանգութեան ուժերը պարզած են, որ հրթիռներն արձակուած են Ալ-Հապիպա եւ Ալ-Պալատիյաթ շրջաններէն։
Աւելի վաղ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազեմին կարգադրած էր օգոստոս 30-ը հանգստեան օր յայտարարելու եւ նախօրէին սահմանած պարէտային ժամն անորոշ ժամանակով երկարաձգելու մասին։
Իրավիճակը Իրաքի մէջ սրուեցաւ, երբ Սատըր 29 օգոստոսին յայտարարեց քաղաքական գործունէութեան դադարեցման եւ իր կուսակցութեան բոլոր գրասենեակներու փակման մասին` հաշուի առնելով խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւններ հրաւիրելու վերաբերեալ կառավարութեան մէջ համաձայնութեան բացակայութիւնը եւ խորհրդարանի մէջ ընդարձակ դաշինք ձեւաւորելու անհնարինութիւնը, որ յաջորդած էր նախորդ տարուան աշնան ընտրութիւններուն իր խմբակցութեան յաղթանակին։