image

Օվերչուք դրական համարած է Ատրպէյճանի ճանապարհով հացահատիկի բեռը Հայաստան հասցնելու դէպքը

Օվերչուք դրական համարած է Ատրպէյճանի ճանապարհով հացահատիկի բեռը Հայաստան հասցնելու դէպքը

Ռուսիայէն Հայաստան 30 տարուան ընթացքին առաջին կառաշարը ուղեւորուած է նոր երթուղիով, որ կ՚անցընի Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքներով։ Այն տեղափոխած է աւելի քան 1,000 թոն ցորեն, հաղորդած է «Քոմերսանթ»-ը։

Արտահանման բեռնափոխադրումն իրականացուցած է ռուսական «Կրէյն Կէյթս» ընկերութիւնը։ Երրորդ դասի ցորենը Ուլեանովսքի մարզէն բերուած է 15 հացահատիկային բեռնակառքերով։ Ռուսիոյ փոխադրութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ մինչեւ յունուարի վերջ Հայաստան պիտի ուղարկուի եւս 132 բեռնակառք ցորեն։

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը շնորհակալութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի իշխանութիւններուն «փոխադրային կապերու ապաշրջափակման» համար։

«Այս իրադարձութիւնը իրական, շօշափելի ներդրում է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ, մեր տարածաշրջանային կայունութեան համար կատարած աշխատանքի ապացոյց», -ըսած է Օվերչուքը։