image

Նոյեմբերին հարուա՞ծ. ԱՄՆ-էն նախազգուշացում իր դաշնակիցներուն

Նոյեմբերին հարուա՞ծ. ԱՄՆ-էն նախազգուշացում իր դաշնակիցներուն

Ուաշինկթըն Պարսից ծոցի իր դաշնակիցները նախազգուշացուցած է Իրանի դէմ հաւանական նոր հարուածներու պատրաստ ըլլալու անհրաժեշտութեան մասին։ Անոնք կրնան իրականացուիլ արդէն Նոյեմբեր 4-ին՝ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի միջանկեալ ընտրութիւններուն յաջորդ օրը։ Այս մասին կը հաղորդէ MSNOW-ը՝ վկայակոչելով քննարկումներու ընթացքին ծանօթացած երեք բարձրաստիճան արաբ պաշտօնեաներ։

Աղբիւրներուն համաձայն՝ ռազմական գործողութիւնը կրնայ կարճատեւ, բայց բուռն ըլլալ։ Պարսից ծոցի երկիրները Ուաշինկթընին կոչ կ՚ուղղեն մեղմացնելու լարուածութիւնը՝ մտավախութիւն ունենալով Թեհրանի պատասխան գործողութիւններէն։ Պաշտօնատարներէն մէկը չէ բացառած, որ շրջանի կարգ մը պետութիւններ կրնան հակադրուիլ իրենց տարածքին մէջ տեղակայուած ամերիկեան ռազմակայաններու օգտագործման՝ Իրանի դէմ հարուածներ հասցնելու նպատակով։

ԱՄՆ-ը Սեպտեմբեր 1-էն ի վեր հարուածներ չէ հասցուցած Իրանին։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախապէս խոստացած էր զերծ մնալ նոր հարուածներէն՝ մինչեւ միջանկեալ ընտրութիւններուն աւարտը։

Մեկնաբանելով հաւանական ռազմական ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւնները՝ Սպիտակ տան ներկայացուցիչը MSNOW-ին յայտնած է, որ վարչակազմը չի քննարկեր «այն գաղտնի ռազմական ծրագիրները, որոնք կրնան գոյութիւն ունենալ կամ չունենալ»։

Միաժամանակ ան ընդգծած է, որ Թրամփ «բոլոր տարբերակները բաց կը պահէ»՝ թոյլ չտալու համար, որ Իրանը միջուկային զէնք ձեռք բերէ։