image
Հրատապ լուրեր:

Նախազգուշացում արտերկիր գտնուող ԱՄՆ քաղաքացիներուն

Նախազգուշացում արտերկիր գտնուող ԱՄՆ քաղաքացիներուն

Միացեալ Նահանգները իր քաղաքացիներուն համար «համաշխարհային նախազգուշացում» հրապարակած է՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ լարուածութեան աճի եւ «անսպասելի սրման հնարաւորութեան» լոյսին տակ։ Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական բաժանմունքին կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

«Ներկայիս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գտնուող ամերիկացիները պէտք է զգոյշ ըլլան եւ բարձրացնեն իրենց զգօնութիւնը, ինչպէս նաեւ պատրաստ ըլլան օդանաւային թռիչքներու հնարաւոր չեղարկումներու, օդային տարածքի պարբերական փակման եւ ճամբորդութեան հնարաւոր խափանումներու։ Կը խնդրենք հետեւիլ դեսպանատուներու եւ հիւպատոսութիւններու անվտանգութեան ահազանգերուն, տեղական իշխանութիւններուն եւ վերջին զարգացումներուն վերաբերող լուրերուն։ Մերձաւոր Արեւելքէն դուրս գտնուող ամերիկացիները պէտք է վերանային դէպի տարածաշրջան եւ տարածաշրջանով ճամբորդելու իրենց որոշումը»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ թիրախաւորուած են Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական հաստատութիւնները, ներառեալ Մերձաւոր Արեւելքէն դուրս գտնուողները։

«Իրանը եւ Իրանին աջակցող խմբաւորումները կրնան թիրախաւորել Միացեալ Նահանգներու այլ շահեր արտասահմանի մէջ կամ Միացեալ Նահանգներու եւ ամերիկացիներու առնչուող վայրեր ամբողջ աշխարհի տարածքին»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։