image

Իրանէն նախազգուշացում Միացեալ Նահանգներուն. «Մի սխալիք»

Իրանէն նախազգուշացում Միացեալ Նահանգներուն. «Մի սխալիք»

Իրանի գերագոյն առաջնորդի ռազմական հարցերով խորհրդական Մոհսէն Ռեզային յայտարարած է, որ Թեհրան Ուաշինկթընը պիտի ստիպէ նահանջելու։ Այս մասին ան գրած է X ընկերային հարթակին վրայ։

«Ան (խմբ.՝ ԱՄՆ նախագահը) ռազմական հարուածի համար վերջնաժամկէտ կը սահմանէ, ապա ինքզինք կը հերքէ եւ զայն կը չեղարկէ՝ զուր յոյսով, որ պիտի կարենայ ստիպել իրանցի ժողովուրդն ու պաշտօնեաները յանձնուելու։ Հզօր զինուած ուժերու եւ իրանեան հզօր ազգի երկաթեայ բռունցքը պիտի ստիպէ զիրենք նահանջելու եւ յանձնուելու»,– գրած է Ռեզային X ընկերային ցանցին վրայ։

Իր հերթին, իրանական Tasnim լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Իրանի զինուած ուժերու կեդրոնական շտաբի հրամանատար զօրավար-մայոր Ալի Ապտոլլահին Միացեալ Նահանգները եւ անոր դաշնակիցները թելադրած է՝ զերծ մնալ անգամ մը եւս «ռազմավարական սխալ կամ սխալ հաշուարկ» թոյլ տալէ։

Անոր խօսքով՝ Իրանի զինուած ուժերը այսօր աւելի պատրաստուած եւ աւելի զօրաւոր դարձած են, քան անցեալին էր, եւ այժմ պատրաստ են հակադարձելու որեւէ յարձակման։

Ապտոլլահին նախազգուշացուցած է,որ որեւէ հետագայ սխալ պիտի յանգեցնէ շատ աւելի հզօր պատասխանի, քան նախապէս էր։

Իրանցի պաշտօնատար անձանց այս մեկնաբանութիւնները հնչած են այն բանէ ետք, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Պարսից ծոցի դաշնակիցներու խնդրանքով յետաձգած է Իրանի դէմ հարուածները, որոնք նախատեսուած էին մայիս 19-ին։