image

Ճնշելու նոր օղակ Պաքուէն. Անցեալին Երեւան ապրած ատրպէյճանցիները Երեւանի հետ բանակցիլ կ՚ուզեն

Ճնշելու նոր օղակ Պաքուէն. Անցեալին Երեւան ապրած ատրպէյճանցիները Երեւանի հետ բանակցիլ կ՚ուզեն

Նախապէս Հայաստանի մէջ բնակած ատրպէյճանցիները միաւորող այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ի ղեկավար Ազիզ Ալեքպերլի պահանջած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը բանակցութիւններու սկսի իր ղեկավարած կառոյցին հետ:

Այս մասին յայտնած է «Ազատութիւն»ը:

«Մենք կ՛ողջունենք Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Ատրպէյճանի Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ բնակող հայերուն՝ շփումները շարունակելու վերաբերեալ հրաւէրը», ըսած է Ալեքպերլին՝ աւելցնելով. «Իբրեւ Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք՝ մենք քանի մը օր առաջ նամակ ուղարկեցինք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ մեր հայրենի օճախները մեր անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը երաշխաւորելու համար»: