image
Հրատապ լուրեր:

Նոպէլեան մրցանակը արմատներով լիբանանահայ Փրոֆ. Արտեմ Փաթափութեանին

 Նոպէլեան մրցանակը  արմատներով լիբանանահայ Փրոֆ. Արտեմ Փաթափութեանին

Փրոֆ. Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեան իր գործընկեր Տավիտ Եուլիուսի հետ միասին արժանացան Բնախօսութեան եւ Բժշկութեան 2021ի Նոպէլեան մրցանակին, իրենց «ջերմաստիճանի և հպման ընկալիչներու յայտնաբերումին» համար

1967-ին Լիբանան ծնած Ամերիկահայ յայտնի գիտնական Փրոֆ. Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեան իր գործընկեր Տավիտ Եուլիուսի հետ միասին արժանացան Բնախօսութեան եւ Բժշկութեան 2021ի Նոպէլեան մրցանակին, իրենց «ջերմաստիճանի և հպման ընկալիչներու յայտնաբերումին» համար։ Լուրը յայտարարուեցաւ այսօր` 4 հոկտեմբերին, Սթոքհոլմի մէջ հեռակապով կայացած Նոպէլի Ընդհանուր Ժողովին կողմէ։ Այս տարուայ ճանաչումը հաւասար է Շուետական 10 միլիոն քրոնի որ կը համապատասխանէ 986 հազար եւրոյի։

Նշենք որ Արտեմ Փաթափութեան 27 Մայիս 2020-ին, Նիւ Եորքի մէջ, Գիտութեան Համաշխարհային փառատօնին ընթացքին արժանացած էր գիտութեան բնագաւառի հեղինակաւոր «ՔԱՎԼԻ» մրցանակին, տրուած՝ Նորվեկ Արքայական Գիտութեանց Ակադեմիայի կողմէ, անոր, ջղային դրութեանց, մարդկային մարմիններու ճնշման եւ շփումներու զգացողութեան, ազդեցութիւնը սրտի եւ այլ մարդկային գործարաններու բջիջներուն վրայ իր նորայայտ տեսութիւններու գիւտարարութեան առ ի գնահատական:

Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեան զաւակն է մտաւորական, հաճընցի արմատներով Սարգիս Վահագնին եւ Դաստիարակ, Տնօրէնուհի Հայկուհի Աճէմեան-Փաթափութեանին:

Լիբանանի ներքաղաքացիական պատերազմին պատճառով ընտանիքին հետ փոխադրուած է Լոս Անճելըս, ուր իր պսակաւորի աստիճանը ստացած է Հարաւային Գալիֆորնիայի Համալսարանէն (Եու Սի Էլ Է), իսկ դոկտորականը՝ հռչակաւոր ՔԱԼԹԷՔ համալսարանէն:

1982-էն ի վեր կը ղեկավարէ Սքրիբս (SCRIPPS) գիտական մեծ հաստատութեան «Փաթափութեան փորձագիտական Տարրալուծարան»ը։

Ան կենսաբանութեան դոկտորական ստացած է 1996-ին, Քալիֆորնիոյ մէջ:

Ամուսնացած է եւ ունի մանչ զաւակ մը:

2017-ին գիտնական դոկտ. Արտեմ Փաթափութեան ընտրուած է Միացեալ Նահանգներու հեղինակաւոր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ անդամ, իր հետազօտութեանց մէջ շօշափելի եւ շարունակական իրագործումներուն շնորհիւ։

Ան «Սքրիփս» հետազօտական հիմնարկի ուսումնասիրողներէն է եւ ջղագիտութեան բաժանմունքի դասախօսներէն մէկն է. նաեւ, 2017-ին, ան նշեալ ակադեմիոյ 84 նոր անդամներէն մին  հանդիսացաւ։