image

Նշան Տէր Գալուստեանի այցը՝ Այնճարի «Յառաջ Ազգային Վարժարան»

 Նշան Տէր Գալուստեանի այցը՝  Այնճարի «Յառաջ Ազգային Վարժարան»

Այնճարի տարտ ու ցաւով ապրող բնիկ Մուսալեռցի մեր հայրենակից Նշան Տէր Գալուստեան  անցեալ ամիս երկար ժամանակով մը այցելութիւն տուած էր իր սիրելի ծննդավայրը։ 

 Տէր Գալուստեան, որ նաեւ  կը զբաղուի նկարչութեամբ ցուցահանդէս  մը տուած էր եւ  նոյն շրջանակներուն մէջ իր օժանդակութիւնը ցոյց տուած սիրելի հայագիւղին։

Կը նշուի նաեւ, որ  այդ այցի շրջանակներուն մէջ Նշան Տէր Գալուստեան  հանդիպումներ ունեցած էր գիւղի  տարբեր հիմնարկութիւններու պատասխանատուներուն հետ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք կարճ գրառում մը Տիար Տէր Գալուստեանի Այնճարի «Ազգային Յառաջ վարժարան» տուած այցէն, ուր ան հանդիպում ունեցած էր  վարժարանի տնօրէն՝ Արմէն Թաշճեանին հետ, վերապրելով այն բարի վերյուշը, որ զինք, որպէս աշակերտ կը կապէ այդ հայաշունչ կրթական օճախին։

 

 Լրատւութեան մէջ նշուած է՝ 

Վարժարանիս նախկին ուսուցիչներէն արուեստագէտ Պրն. Նշան Տէր Գալուստեանը այցելեց վարժարան եւ իր նկարչական ցուցահանդէսի հասոյթէն ազնուական նուրատուոթիւն մը փոխանցեց վարժարանիս: