image

Նիւ Ճըրզի. «ՀՕՄ»ի «Շաքէ» մասնաճիւղի 111-ամեակը. Հանդիսութեան նախագահեց Առաջնորդ Սրբազանը

Նիւ Ճըրզի. «ՀՕՄ»ի «Շաքէ» մասնաճիւղի 111-ամեակը. Հանդիսութեան նախագահեց Առաջնորդ  Սրբազանը

 

Նիւ Ճըրզիի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու տակ նշուած է Հայ Օգնութեան Միութեան «Շաքէ» մասնաճիւղի 111-ամեակը՝ Առաջնորդ Սրբազանի նախագահութեամբ։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը`

Շաբաթ, 11 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Հայ Օգնութեան Միութեան Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղի 111-ամեակի տօնակատարութեան։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ ՀՕՄի դերակատարութիւնը սփիւռքահայ իրականութեան մէջ մեր ժողովուրդի բարօրութեան ի խնդիր, յատկապէս այս տագնապալի օրերուն։