Սէուտական Արաբիոյ զարգացման հիմնադրամը եւ Սէուտական ներդրումային հիմնադրամը կրնան միջոցներ յատկացնել Արցախի՝ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու վերականգնման գործընթացին։ Այս մասին, APA լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ, Ատրպէյճանի եւ Սէուտական Արաբիոյ համատեղ յանձնաժողովի 7-րդ նիստին յայտարարած է Ատրպէյճանի ֆինանսներու նախարար Սամիր Շարիֆովը։
Անոր խօսքով՝ կարելի է դիտարկել նաեւ Սէուտական Արաբիայէն մասնաւոր ընկերութիւններու մասնակցութիւնը վերականգնման գործընթացին։
Շարիֆով տեղեկացուցած է, որ մինչ այժմ տարածքներու վերականգնման համար Ատրպէյճանը ծախսած է 4 միլիառ տոլար։
2022 թուականի 16 նոյեմբերին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հաստատած է «Ատրպէյճանի ազատագրուած տարածքներ» վերադարձի մեծ պետական ծրագիրը։ Կը նախատեսուի, որ մինչեւ 2027 թուականը բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ պիտի վերաբնակեցուի 34,5 հազար ընտանիք, որոնց համար պիտի կառուցուին բնակարաններ եւ անհատական տուներ։