image

ՆԱԹՕ-Ատրպէյճան հանդիպման քննարկուած են Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացին առնչուող հարցեր

ՆԱԹՕ-Ատրպէյճան հանդիպման քննարկուած են Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացին առնչուող հարցեր

Պելճիքա պաշտօնական այցի շրջածիրէն ներս Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ մասնակցած է ՆԱԹՕ + Ատրպէյճան ձեւաչափով քաղաքական երկխօսութեան:

Ատրպէյճանական կողմի տուեալով՝ հանդիպման քննարկուած են Պաքուի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ գործընկերութեան վիճակը եւ հեռանկարը, Եւրոպայի ուժանիւթային անվտանգութիւնը, Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք COP29 համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքը:

Օրակարգի վրայ եղած է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման եւ խաղաղութեան գործընթացի առաջմղման հարցը: Ըստ ատրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչները ողջունած են կառոյցի առաքելութիւններուն Պաքուի մասնակցութիւնը եւ Ուքրանիոյ տրամադրուող աջակցութիւնը:

Հաճիեւ հանդիպած է նաեւ ԵՄ արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան գլխաւոր քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Էնրիքէ Մորայի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ։ Անդրադարձ եղած է տարածաշրջանային զարգացումներուն, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: