Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն բարեյաջող վիրահատուած է. բժիշկները հեռացուցած են ճողուածքը, յայտնած է Reuters-ը՝ վկայակոչելով հիւանդանոցի յայտարարութիւնը։
«Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանյահուն, ճողուածքի հեռացման բարեյաջող վիրահատութենէն ետք, երկուշաբթի օր գիտակցութեան մէջ է եւ կը շփուի իր ընտանիքի հետ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Նախօրէին հաղորդուած էր, որ Նաթանիահուն ճողուածքի բուժման վիրահատութիւն կը տանի՝ ամբողջական անզգայացմամբ: Մարտ 30-ին ստուգման ժամանակ Նեթանիահուի մօտ ճողուածք յայտնաբերուած էր։ Այս ընթացքին վարչապետի պարտականութիւնները կը կատարէ փոխվարչապետ եւ արդարադատութեան նախարար Եարիւ Լեւինը: