image

ՆԱՍԱ-ն կը նախատեսէ մարտի սկիզբը տիեզերագնացներ ուղարկել Լուսին

ՆԱՍԱ-ն կը նախատեսէ մարտի սկիզբը տիեզերագնացներ ուղարկել Լուսին

ՆԱՍԱ-ն կը նախատեսէ մարդ ուղարկել Լուսին մարտ ամսուան սկիզբը։ Այս մասին կը հաղորդէ AP-ն՝ նշելով, որ մարտին կայ ընդամէնը հինգ օր, որոնց ընթացքին կարելի է իրականացնել այս առաքելութիւնը։ Նախնական տուեալներով՝ ընտրուած է մարտ 6-ը։

«Արտեմիս II» առաքելութեան ծիրէն ներս չորս տիեզերագնացներ պիտի մեկնին 10-օրեայ ճամբորդութեան մը՝ դէպի Լուսնի հակառակ կողմը, ապա պիտի վերադառնան Երկիր։

Կրեկորի Ուայզմըն, Վիքթըր Կլովըր, Քրիսթինա Քոչ եւ Ճերըմի Հանսըն պիտի թռչին «Օրիոն» տիեզերանաւով, որ պիտի արձակուի «Space Launch System» գերծանր կրիչ-հրթիռին միջոցով։

 

ՆԱՍԱ-ի վարչարար Ճարետ Այզեքմընի խօսքով՝ այս առաքելութիւնը մեծ քայլ պիտի ըլլայ Ամերիկան Լուսին վերադարձնելու ուղղութեամբ, որ տեղի պիտի ունենայ 1972 թուականէն ի վեր առաջին անգամ։