7-9 մարտին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով պիտի գտնուի Գահիրէ՝ մասնակցելու Արաբական երկիրներու լիկայի՝ նախարարական մակարդակով խորհուրդի նիստին։ Այս մասին հաղորդած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը:
Այցի ընթացքին նախատեսուած են նաեւ հանդիպումներ՝ ներառեալ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ։