Գահիրէի հայկական համայնքը այս տարի եւս արժանապատիւ կերպով ոգեկոչեց Մեծ Եղեռնի 111-ամեակը՝ հաւատարիմ մնալով իր աւանդութիւններուն։ Թէեւ կազմակերպուած ձեռնարկները կը վկայեն յիշողութեան պահպանման յանձնառութիւնը, այնուամենայնիւ ներկայութեան սահմանափակութիւնը կրկին կը յուշէ, որ ոգեկոչումը պէտք է զուգորդուի աւելի լայն համայնքային ներգրաւուածութեամբ եւ ապրող ու ապրեցնող մասնակցութեամբ։
Գահիրէի «Յուսաբեր» պարբերականէն կը կարդանք՝
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկներն ու արարողութիւնները ընթացան աւանդական ուղեգիծով։
Արդարեւ, Հինգշաբթի, Ապրիլ 23-ին, ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի սկաուտները կազմակերպած էին հսկումի եւ մոմավառութեան՝ աւանդական դարձած ձեռնարկը։ Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ապրիլ 24-ի ձեռնարկին դասախօսելու հրաւիրուած՝ ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի Թուրքիոյ բաժնի վարիչ, պ.գ.թ. Լեւոն Յովսէփեան, Գահիրէի հոգեւոր հովիւ Տ. Յովսէփ քհնյ. Ալեքսանեան եւ երէցկինը, շրջանի պատասխանատու մարմիններու անդամներ, ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի վարչական կազմը եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բազմութիւն մը, որ կը յարգէր Մեծ Եղեռնի սրբադասուած նահատակներու յիշատակը։
Մոմավառութեան աւարտին, կազմակերպիչներուն անունով ներկաները ողջունեց քոյր Ռիթա Չամքերթենեան, ներկայացուց օրուան խորհուրդը եւ անդրադարձաւ նաեւ երեկոյեան ցուցադրուելիք «Պր. Ազնաւուր» գեղարուեստական ժապաւէնին։
Աշխարհահռչակ հայ արուեստագէտին կեանքն ու պայքարը ներկայացնող երկարաշունչ ժապաւէնը հանդիսատեսը հետեւեցաւ մեծ հետաքրքրութեամբ։
Յաջորդ օրը՝ Ապրիլ 24-ին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ թեմի առաջնորդ Տ. Աշոտ եպսկ. Մնացականեանի։ Պատարագեց եւ քարոզեց Ղուկաս աբեղայ Հոխանեան։ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ սրբադասուած նահատակներու բարեխօսութեան կարգ։
Եկեղեցական արարողութեան ներկայ գտնուեցան Գահիրէի մօտ ՀՀ հիւպատոս Մկրտիչ Կարապետեան, Թեմական ժողովի ատենապետ՝ ատամնաբոյժ Գէորգ Երզնկացեան, Թեմական եւ Քաղաքական ժողովներու անդամներ, ինչպէս նաեւ Գալուստեան-Նուպարեան վարժարանի աշակերտութիւնը՝ իրենց տնօրէնի եւ դաստիարակներու ուղեկցութեամբ։
Պատարագին եւ յաջորդած արարողութեան ընթացքին պատուոյ պահակ կանգնած էին ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի արի, արենուշ, գայլիկ եւ արծուիկ սկաուտները, որոնք այնուհետեւ առաջնորդեցին թափորը դէպի ազգային առաջնորդարանի բակը, ուր կանգնած է Մեծ Եղեռնի խաչքարը։ Այստեղ ներկաները կարմիր վարդեր խոնարհեցին։
Ապրիլեան ոգեկոչումներու վերջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ նոյն օրը երեկոյեան՝ Հելիոպոլսոյ «Պըլըքտանեան» սրահին մէջ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յովսէփ քհնյ. Ալեքսանեան, որ ներկայացուց օրուան խորհուրդը եւ ապա՝ Հայաստանէն հրաւիրուած դասախօս դր. Լեւոն Յովսէփեանի կենսագրական եւ գիտական գործունէութեան համառօտ պատկերը՝ հրաւիրելով զինք ներկայացնելու իր դասախօսութիւնը։
Յարգարժան ակադեմականը ներկայացուց իր ուսումնասիրութիւնը՝ «Տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրները եւ Հայաստանի արդի մարտահրաւէրները» խորագրով, պարզ եւ հասանելի լեզուով, զայն ուղեկցելով պատկերասահիկներով եւ օժանդակ նիւթերով։
Ան անդրադարձաւ 2020-ի արցախեան պատերազմէն ետք տարածաշրջանին մէջ ձեւաւորուած անվտանգային գործընթացներուն, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի քաղաքականութեան հիմնական միտումներուն եւ առանձնայատկութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անվտանգային քաղաքականութեան հեռանկարներուն։
Դասախօսութիւնը չէր սահմանափակուիր միայն վերլուծութեամբ․ իր աւարտին Յովսէփեան ներկայացուց նաեւ ելքի ուղիներ՝ առաջարկելով Ազգային դիմադրողական համակարգի ձեւաւորման տեսլականը։
Հարց ու պատասխանի բաժնին ընթացքին ան աւելի մանրամասնեց այս տեսլականի իրագործման հիմքերը՝ շեշտելով թէ՛ արտաքին յարաբերութիւններու հաւասարակշռութեան կարեւորութիւնը, թէ՛ ներազգային կազմակերպման մէջ մասնագիտական օղակներու դերակատարութիւնը։
Խիստ դրական գնահատելով յատկապէս համահայկական կազմակերպման գաղափարը՝ առաջարկուեցաւ զայն ներկայացնել համասփիւռքեան մակարդակի վրայ եւ, համապատասխան նախապատրաստութենէ ետք, քննարկել կլոր սեղանի շուրջ՝ յստակ եզրակացութիւններու հասնելու համար։
Կարելիութիւնները համադրելու եւ գործնական քայլերով արդիւնաւորելու գաղափարները նոր չեն։ Սակայն կլոր սեղանի տեսլականը նպատակ ունի ռազմավարական համախոհութիւն ստեղծելու եւ խօսքը գործի վերածելու ենթահողը ամրապնդելու։
Աւելին, նշուեցաւ, որ խոստմնալից կառոյցներ՝ ինչպէս Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ մասնագիտական միաւորումներ, ժամանակի ընթացքին չեն ապահոված սպասուած արդիւնքը՝ հետեւողական աշխատանքի եւ յստակ թիրախներու բացակայութեան պատճառով։
Երեկոյթին ներկայ էին ՀՀ հիւպատոս Մկրտիչ Կարապետեան, Թեմական եւ Քաղաքական ժողովներու անդամներ իրենց ատենապետներուն՝ Գէորգ Երզնկացեանի եւ Վահէ Բլատեանի գլխաւորութեամբ, կուսակցական եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ազգային ու պետական հարցերով մտահոգ փոքրաթիւ հայրենակիցներ։
Ներկայութեան սակաւութիւնը այնքան ակնյայտ էր, որ թեմի առաջնորդ Աշոտ սրբազան Մնացականեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ հեգնանքով նշեց, թէ թերեւս այս խնդիրները այնքան տեղ չեն գրաւեր համայնքի առօրեայ մտածումներուն մէջ, որ մարդիկ կարիք չեն զգացած ներկայ գտնուելու։
Պէտք է նաեւ աւելցնել, որ մօտակայ հայկական հաւաքավայրերը այդ օրը սակաւամարդ չէին…
Այս պատկերն փոխելը կը պահանջէ համբերատար եւ հետեւողական աշխատանք, որքան ալ զայրանանք կամ պախարակենք։




Նշենք, որ սոյն թղթակցութիւնը պատրաստած է Զ.Լիյլոզեան