image
Հրատապ լուրեր:

Նախարար Այվազեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ժաուատ Զարիֆին հետ

Նախարար Այվազեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ժաուատ Զարիֆին հետ

6 Մարտին ԱԳ նախարար Արա Այվազեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրանի ԱԳ նախարար Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆի հետ:

Արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են երկկողմ օրակարգի հարցերու շուրջ։ Գոհունակութիւն յայտնուած է դարաւոր բարեկամութեան վրայ խարսխուած յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքի առնչութեամբ եւ, վերահաստատուած փոխադարձ պատրաստակամութիւնը այն առաւել ամրապնդելու առնչութեամբ, այդ շարքին՝ տարբեր մակարդակներու վրայ քաղաքական երկխօսութեան աշխոյժացման միջոցով։

Զրուցակիցներն անդրադարձ կատարած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու: Երկուստեք կարեւորուած է համակարգուած փոխգործակցութեան դերը տարածաշրջանային նոր մարտահրաւէրներու հասցէագրման գործին։