image

Մոսկուայէն մեկնողները կը գերադասեն Թուրքիան եւ Հայաստանը

Մոսկուայէն մեկնողները կը գերադասեն Թուրքիան եւ Հայաստանը

Մոսկուայէն արտասահման մեկնելու համար ամրագրած տոմսերը կը վկայեն, որ Հայաստանը ռուսաստանցիներու նախընտրած երկիրներէն մէկն է: Մարտի կէսերուն մէկ ուղղութեամբ Մոսկուայէն դուրս մեկնելու համար դէպի Թուրքիա ամրագրուած է ընդհանուր արժէքով 38,5 հազար ռուպլիի, իսկ դէպի Հայաստան` 27,1 հազար ռուպլիի տոմսեր:

Միւս ուղղութիւնները Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներն են` Ուզպեքստան, Ղրղըզստան, Տաճիկստան: Այդ երկիրներ մեկնելու համար ամրագրուած տոմսերը համեմատաբար քիչ են` 15 հազարէն մինչեւ 21,5 հազար ռուպլի:

Տուեալները կը վերաբերին Մարտ 10-16-ին տոմսերու որոնման ու ամրագրման, որոնց թռիչքները նախատեսուած են յառաջիկայ չորս շաբաթներու ընթացքին:

Նշենք, որ պատժամիջոցներու պատճառով Ռուսաստանէն արտասահման մեկնելու հնարաւորութիւնները խիստ սահմանափակուած են: Եւրոմիութիւնը, Բրիտանիան, Գանատան եւ ԱՄՆ-ն փակած են իրենց օդային տարածքը ռուսական օդանաւերու համար: Փետրուար 26-ին Եւրոմիութեան ընդունած պատժամիջոցները լիզինկային ընկերութիւններուն պարտադրած են խզել պայմանագրերը ռուսական ընկերութիւններուն հետ եւ ետ կանչել լիզինկով անոնց տրամադրած օդանաւերը:

Ռուսական օդանաւերը ստիպուած թռիչքներ կը կատարեն իրենց համար բաց երկիրներ: