Թուրքիոյ նախագահականի ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի կեդրոնը ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն մէջ սահմանափակումներու թեմային առնչուող յայտարարութիւն տարածած է։
Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber-ը։
«Ընկերային ցանցերու կարգ մը հարթակներու եւ լրատուամիջոցներու մէջ տարածուող այն հրապարակումները, որոնք այն տպաւորութիւնը կը ստեղծեն, թէ «փոքրամասնութիւններու դպրոցները յատուկ կերպով թիրախաւորուած են տարբեր սահմանափակումներով», կը պարունակեն ապատեղեկատուութիւն եւ ուղղուած են հասարակական անդորրի ու միասնականութեան դէմ»։
Ընդգծուած է, որ այս դպրոցներուն նկատմամբ, համապատասխան օրէնքով սահմանուած դրոյթներէն բացի, որեւէ նոր կարգաւորում չի կիրառուիր, եւ դպրոցները կը շարունակեն իրենց կրթական գործունէութիւնը։ Հանրութեան կոչ ուղղուած է չհաւատալ անհիմն պնդումներուն։
Յիշեցնենք, որ վերջին շրջանին «Ակօս» շաբաթաթերթը յայտնած էր, որ Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան տեսուչները ստուգումներ սկսած են Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն մէջ, որոնք յառաջիկային պիտի ընդգրկեն նաեւ յունական ու հրէական կրթօճախները։
Ըստ շրջանառուող տեղեկութիւններուն՝ տեսուչները դպրոցներու տնօրէնութիւններուն յայտնած են, որ այլեւս կ՚արգիլուի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող աշակերտներու ընդունելութիւնը, եւ առաջարկուած է զանոնք տեղափոխել թրքական պետական դպրոցներ։