image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուայէն Երեւան եկած «ՌԴ Հայկական Գործարար Խորհուրդ»ի փոխնախագահը ձերբակալուեցաւ

Մոսկուայէն Երեւան եկած «ՌԴ Հայկական Գործարար Խորհուրդ»ի փոխնախագահը ձերբակալուեցաւ

ՀՀ քննչական կոմիտէէն կողմէ ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութենէն ստացուած առերեւոյթ յանցանքի մասին հաղորդման առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին պարզուած է, որ 2026 թուականի մայիս 31-ին Ռուսիայէն ՀՀ ժամանած «ՌԴ հայկական գործարար խորհուրդի» կազմակերպութեան փոխնախագահ Ա. Գ.-ն թելեկրամեան ալիքով հրապարակային եղանակով Ռուսիոյ մէջ ապրող ՀՀ քաղաքացիներուն խոստացած է անվճար տեղափոխել ՀՀ եւ հոգալ տեղափոխման հետ կապուած բոլոր կազմակերպչական հարցերը՝ յունիս 7-ին ՀՀ-ի մէջ կայանալիք ԱԺ հերթական ընտրութիւններուն անոնց մասնակցութիւնն ապահովելու նպատակով:

Նշուած փաստական հանգամանքներու հիման վրայ Ա. Գ.-ն քննիչի որոշմամբ ՆԳՆ ոստիկանութեան աշխատակիցները ձերբակալած են եւ ներկայացուցա նախաքննական մարմին:

Քրէական վարոյթի նախաքննութեան շրջածիրէն ներս կը կատարուին շարք մը վարութային եւ ապացուցողական այլ գործողութիւններ՝ յանցաւոր սխեմայի մէջ ընդգրկուած բոլոր անձերը յայտնաբերելու եւ զանոնք պատասխանատւութեան ենթարկելու համար։