image

Միքայէլ արք. Աջապահեանը կամաւոր ներկայացաւ Քննչական կոմիտէ

Միքայէլ արք. Աջապահեանը կամաւոր ներկայացաւ Քննչական կոմիտէ

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեան ինքնակամ ներկայացած է Քննչական կոմիտէ այն բանէ ետք, երբ իրաւապահները քանի մը փորձէ ետք չկարողացան անոր բերման ենթարկել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն։ Քննչական կոմիտէի շէնքի դիմաց կը հաւաքուին անոր աջակիցները։

Աւելի վաղ, անդրադառնալով իրեն առաջադրուած մեղադրանքին՝ «իշխանութիւնը զաւթելու եւ սահմանադրական կարգը տապալելու հրապարակային կոչերու» վերաբերեալ, սրբազանը ատոք «բացարձակ շինծու ու ապօրինի» որակած էր՝ ընդգծելով, որ իր ըսածներէն չի հրաժարիր։

Մայր Աթոռի մէջ տեղի ունեցած միջադէպը ան որակած էր «մասկի շոու» եւ իշխանութեան ուժի ցուցադրում։

«Վարոյթը նախաձեռնուած էր ամսի 17-ին, ինձ կարող էին այդ ժամանակ ձերբակալել։ Իրենք գիտակցաբար արեցին, որ ցոյց տան իրենց ուժը Մայր Աթոռի պատերից ներս։ Նրանք չպէտք է չիմանային, որ այսօր նախատեսուած է քահանայաց ժողով, շատ լաւ գիտէին»,-ըսած էր ան։