image

Հակափտածութեան կոմիտէի ծառայողները բացայայտած են ընտրակաշառք ստանալու նոր դէպքեր

Հակափտածութեան կոմիտէի ծառայողները բացայայտած են ընտրակաշառք ստանալու նոր դէպքեր

Հակափտածութեան կոմիտէի եւ ոստիկանութեան Շիրակի մարզային վարչութեան ծառայողներու կողմէ համատեղ ձեռնարկուած միջոցառումներու շնորհիւ տուեալներ ստացուած են այն մասին, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան խումբ մը անդամներ, Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու նշանակման որոշումն ուժի մէջ մտնելու օրուընէ մինչեւ ընտրութիւններու արդիւնքներու ամփոփումը, բարեգործութեան անուան տակ, ընտրող հանդիսացող Գիւմրի քաղաքի բնակիչի տան վերանորոգման համար անհատոյց տուած են շինարարական նիւթեր:

Դէպքի առթիւ Հակափտածութեան կոմիտէէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, ձերբակալուած են խումբ մը անձինք, կատարուած են շարք մը խուզարկութիւններ, վարութային այլ գործողութիւններ: