ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով գլխաւոր տեղակալ Տերեք Հոկան եւ Եւրոպայի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի եւրոպական հարցերով աւագ տնօրէն Ամանտա Սլոթ հանդիպած են ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներ Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շոֆըրի (ԱՄՆ) եւ Իկոր Խովաեւի (ՌԴ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրշիկի հետ:
Կողմերը անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ քննարկած են 2020 թուականի Նոյեմբերէն ի վեր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու առաջին համատեղ հանդիպման կայացման աջակցութիւնը: Անոնք նշած են, որ 27 Սեպտեմբերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման տարելիցն է եւ ցաւակցութիւն յայտնած են երկու կողմերու կրած կորուստներուն կապակցութեամբ: Ընդգծած են, որ միայն համապարփակ լուծումը, որով պիտի դիտարկուին բոլոր չլուծուած խնդիրները, կարելի է կարգաւորել երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները եւ թոյլ տալ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն միասին խաղաղ ապրելու:
Հոկանն ու Սլոթը ողջունած են «համանախագահներուն ջանքերը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի՝ խաղաղութեան գործընթացը ուղիղ երկխօսութեան միջոցով վերսկսելու վճռականութիւնը, որ ուղղուած է տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման խթանման»: Անոնք յայտնած են Միացեալ Նահանգներու յանձնառութեան մասին՝ «շարունակել աշխատիլ այլ համանախագահ երկիրներու հետ՝ օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող կամ անկէ բխող բոլոր չլուծուած խնդիրները՝ ներառեալ ձերբակալուածներու, անյայտ կորսուածներու եւ մարդասիրական ականազերծման հետ կապուած խնդիրները»: