image

Մինչեւ 2027 թուականը Գիւմրին պէտք է տնակներէն ազատուի․ Գիւմրիի քաղաքապետ

Մինչեւ 2027 թուականը Գիւմրին պէտք է տնակներէն ազատուի․ Գիւմրիի քաղաքապետ

Մինչեւ 2027 թուականը կառավարութեան որոշմամբ Գիւմրին պէտք է տնակներէն ազատուի։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ  «Արմէնփրէս»-ն՝ այս մասին լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ նշած է Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդգէս Սամսոնեանը՝ տեղեկացնելով, որ այս տարի քանդուած է 58 տնակ, նոյնքան ալ սեփականաշնորհուած է։

Մօտ երկու հարիւր տնակ եւս, եթէ համապատասխանեն քաղաքաշինական չափանիշերուն, պիտի սեփականաշնորհուին։ 

«Հիմա մենք տարբեր բարերարների հետ աշխատում ենք՝ սոցիալական բնակարաններ ենք կառուցում ու փորձում ենք հնարաւորինս շուտ մարդկանց տնակներից հանենք։ Ես անձամբ տնակում տասը տարի ապրել եմ, գիտեմ՝ ինչքան դժուար է»,-լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ նշած է Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդգէս Սամսոնեանը։

Այս պահուն Գիւմրիի մէջ դեռ մօտ 2600 տնակ կայ, որմէ 2002-ին մէջ մարդիկ կը բնակին, իսկ երկրաշարժէն անօթեւան մնացած ընտանիքներու հերթացուցակին մէջ դեռ հաշուառուած 1016 ընտանիք կայ։