image

Միջուկային զէնքի ստեղծման կողմնակիցները տեղ չունին Իրանի քաղաքականութեան մէջ. Փեզեշքիան

Միջուկային զէնքի ստեղծման կողմնակիցները տեղ չունին Իրանի քաղաքականութեան մէջ. Փեզեշքիան

Թեհրանի կողմէ միջուկային զէնքի ստեղծման կողմնակիցները տեղ չունին Իրանի քաղաքականութեան մէջ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան՝ խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին։

«Մեր վարչակազմի քաղաքականութիւնը, ինչպէս բազմիցս ընդգծած է Գերագոյն առաջնորդը, այն է, որ Իրան երբեք միջուկային զէնք պիտի չստեղծէ եւ նոյնիսկ պիտի չձգտի անոր արտադրութեան։ Ամէն ոք, որ ունի այս քաղաքականութեան չհամապատասխանող դիրքորոշում, տեղ չունի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքականութեան մէջ»,– նշուած է Փեզեշքիանի մամուլի ծառայութեան յայտարարութեան մէջ։

Իրանի նախագահը շեշտած է, որ երկիրը իրաւունք ունի ձեռք բերելու միջուկային ուժանիւթ եւ իրականացնելու համապատասխան գիտական ուսումնասիրութիւններ՝ հասարակութեան զարգացման ու բարեկեցութեան նպատակով, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի իրանցի ժողովուրդը զրկելու այդ անկապտելի իրաւունքէն։

Իրանի խորհրդարանի առանձին պատգամաւորներ յայտարարած են, թէ պէտք է Թեհրանը դուրս գայ Միջուկային զէնքի տարածումի կանխարգիլող զայմանագրէն։ Մամուլին մէջ տեղեկութիւններ տարածուած էին, թէ Իրանի Մեճլիսը արդէն կը քննարկէ պայմանագրէն դուրս գալու նախագիծ, սակայն աւելի ուշ Իրանի խորհրդարանը հերքած է այդ տեղեկութիւնը։

Իր հերթին, Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Միջուկային զէնքի տարածումը կանխարգիլող պայմանագրին առնչուող որոշումը պիտի ընդունուի իշխանութեան բարձրագոյն մարմիններու կողմէ, սակայն Թեհրանը կը մնայ հաւատարիմ՝ տարածումն արգիլող պարտաւորութիւններուն եւ կը հաւատայ, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ միջուկային զէնք պէտք չէ գոյութիւն ունենայ։ Պայմանագրէն դուրս գալու վերաբերեալ քննարկումները սկսած են Իսրայէլի կողմէ 13 Յունիսի գիշերը, Իրանի վրայ, յատկապէս միջուկային կառոյցներու դէմ, կատարուած հարուածներէն ետք։

Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ փոխադարձ հարուածները տակաւին կը շարունակուին։