Իսրայէլեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը հաղորդած է Եգիպտոսի հետ սահմանին փոխհրաձգութեան մասին։
Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, Իսրայէլի բանակը յայտնած է, որ Եգիպտոսի հետ սահմանին տեղի կ'ունենայ հրաձգութիւն՝ միջադէպի վերաբերեալ այլ մանրամասներ չհաղորդելով։
Աւելի վաղ իսրայէլեան Kan ռատիոկայանը հաղորդած էր Եգիպտոսի հետ սահմանին երկու մարդու վիրաւորուելու մասին։
Times of Israel-ն ալ իր հերթին յայտնած է, որ իսրայէլա-եգիպտական սահմանին յաճախակի տեղի կ'ունենան թմրամիջոցներու փոխադրման դէպքեր։ Նշուած է, որ վերջին տարիներուն քանի մը անգամ փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած է թմրամիջոցներու մաքսանենգութեամբ զբաղուողներու եւ իսրայէլեան բանակի զինուորներու միջեւ։