image

Ռուսիան 50,000 զինուոր տեղակայած է Սումիի մարզի հետ սահմանին. Զելենսքի

Ռուսիան 50,000 զինուոր տեղակայած է Սումիի մարզի հետ սահմանին. Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած է, որ Ռուսիան աւելի քան 50,000 զինծառայող կեդրոնացուցած է Սումիի շրջանի սահմանին մօտ։ Անոր խօսքով՝ Մոսկուա կը պատրաստուի լայնածաւալ յարձակումի Ուքրանիոյ հիւսիս-արեւելքի ուղութեամբ, սակայն Քիեւ արդէն քայլեր կը ձեռնարկէ զայն կանխելու համար։

«Ինչ կը վերաբերի Սումիի ուղղութեան՝ անոնց ամենամեծ, ամենահզօր զօրքերը այսօր կը գտնուին Քուրսքի ուղղութեամբ, մեր զօրքերը Քուրսքի շրջաններէն դուրս մղելու եւ Սումիի շրջանի դէմ յարձակողական գործողութիւններ նախապատրաստելու համար»,–ըսած է Զելենսքի մամուլի ասուլիսի ընթացքին։

Սումին կը գտնուի Քուրսքի վարչական սահմանէն 30 քմ հեռաւորութեան վրայ եւ վերջին շաբաթներուն պարբերաբար ենթարկուած է հրետակոծումներու եւ անօդաչու սարքերու յարձակումներու։ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները իրենց հերթին կը զգուշացնեն ռազմաճակատի այս հատուածին մէջ մագլցումի բարձր հաւանականութեան մասին եւ կը զօրացնեն պաշտպանական գիծերը շրջանին մէջ։