image

Պատրաստ են սառեցնել ռազմական գործողութիւնները՝ սահմանին. Զելենսքի

Պատրաստ են սառեցնել ռազմական գործողութիւնները՝ սահմանին. Զելենսքի

Պատրաստ ենք ռազմական գործողութիւնները սառեցնելու ներկայիս ռազմաճակատի գիծին վրայ, որովհետեւ այդ հակամարտութիւնը աւարտելու «իրատեսական» ճանապարհ է։ Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին՝ «Ֆոքս Նիուզ»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

«Այո՛, այժմ պէտք է սառեցնենք ռազմական գործողութիւնները, եւ կը կարծեմ, որ սանայս պատերազմին վերջ տալու իրատեսական ուղին է։ Մենք զայն կը կոչենք «կրակի դադրեցում» կամ «սպանութիւններու դադրեցում», ինչպէս կ՚ըսէ նախագահ Թրամփը։ Սառեցնել եւ կասեցնել։ Անշուշտ, սա նուազագոյնն է, զոր այսօր կ՚ակնկալենք Ռուսիայէն։ Ապա, անշուշտ, պիտի դիմենք Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ եւրոպացիներուն՝ խնդրելով անվտանգութեան երաշխիքներ։ Սակայն ամենակարեւորը խաղաղութիւնն է, ինչպէս նաեւ անվտանգութիւնը», ըսած է Զելենսքին։

Ան ընդգծած է, որ կարեւոր է չվախնալ, որ բռնագրաւումը կրնայ վերսկսիլ, յարձակումը կրնայ կրկնուիլ, սպանութիւնները՝ վերսկսիլ, եթէ զանոնք չկասեցնենք։

«Եւ ճիշդ այս պատճառով է, որ անհրաժեշտ են հակամարտութեան սառեցում եւ բանակցութիւններ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ անվտանգութեան երաշխիքներ եւ մեր գործընկերներուն աջակցութիւնը՝ մեր կեանքը վերականգնելու համար։ Մեզի անհրաժեշտ է, որ իրենց տուները կորսնցուցած եւ արտասահման բնակող 9.5 միլիոն մարդիկ վերադառնան Ուքրանիա՝ պարզապէս ապրելու եւ իրենց երկիրը կառուցելու համար», ըսած է Զելենսքին։