Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ ԱՄՆ նախագահը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ատրպէյճանի նախագահին Նավրուզի կապակցութեամբ։
Ճօ Պայտըն վերահաստատած է գործակցութիւնը շարունակելու եւ խաղաղութեան նպաստելու Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը: Ան կարեւորած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը: Պայտընի խօսքով՝ այդ պիտի նպաստէ ապագայ սերունդներու անվտանգութեան:
«Սպիտակ տունը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հարաւային Կովկասի մէջ ժողովրդավարութեան, կայունութեան եւ առաջընթացին: Նաեւ պիտի աշխատինք Ատրպէյճանի հետ՝ լուծելու անվտանգային մարտահրաւէրները, խթանելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը: Տնտեսական գործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ պիտի բացայայտենք»,-ըսուած է ԱՄՆ նախագահի ուղերձին մէջ։