image

Միացեալ Նահանգներ 1 միլիոն տոլարի յատկացում պիտի ընէ Հայաստանի «Քովիտ»ի դէմ պայքարին

Միացեալ Նահանգներ 1 միլիոն տոլարի յատկացում պիտի ընէ Հայաստանի «Քովիտ»ի դէմ պայքարին

 

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, Ամերիկայի Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցով, լրացուցիչ 1,000,000 $  տրամադրած է՝ որպէս խթան COVID-19 համավարակին Հայաստանի կառավարութեան ջանքերուն։
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ամերիկայի դեսպան Լին Թրէյսին յայտարարած է . «Համաճարակի ողջ ընթացքին Ամերիկան գործակցեցաւ Հայաստանի հետ՝ COVID-19-ի դէմ պայքարելու: Այս նոր օժանդակութեան միջոցով մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ միասին`յաղթահարելու COVID-19-ը եւ նախապատրաստուելու հանրային առողջութեան յետագայ սպառնալիքներուն»:

COVID-19 hամաճարակին ԱՄՆ ՄԶԳ  արձագանգի մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել այստեղ։