image

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ համավարակը կը մոլեգնի

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ համավարակը կը մոլեգնի
Մեծ Բրիտանիոյ մէջ վերջին մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման նոր դէպքերու թիւը կազմած է 42,300, որ առաւելագոյն ցուցանիշն է 15 Յունուարէն ի վեր: ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին կը վկայեն կառավարութեան հրապարակած տուեալները:
 
Նշուած է, որ արդէն ութերորդ օրը անընդմէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման մէկօրեայ ցուցանիշը կը գերազանցէ 30 հազարը: Պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն՝ վերջին մէկ օրուան մէջ արձանագրուած է մահուան 49 դէպք: Վերջին 28 օրուան ընթացքին մահացութեան ցուցանիշը կը տատանի 50-ի սահմանին:
 
Միեւնոյն ժամանակ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ կը շարունակուի պատուաստման գործընթացը: Ներկայ պահուն պատուաստանիւթի առաջին չափաբաժինը ստացած է մօտ 46 մլն մարդ, որ կը կազմէ չափահաս բնակչութեան 87,3 տոկոսը: Ամբոջութեամբ պատուաստուած է չափահաս բնակչութեան 66,4 տոկոսը՝ մօտ 35 մլն մարդ: