image

Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատան պատուիրակութեան այցելութիւնը Իրաքի ազգային առաջնորդարան

Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատան պատուիրակութեան այցելութիւնը Իրաքի ազգային առաջնորդարան

Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը, օրերս, Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունած է Մեծ  Պրիտանիոյ դեսպանատան պատուիրակութիւնը։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հակիրճ հաղորդագրութիւնը՝

7 Յունուար 2025-ին, Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր Տարուան տօներուն առթիւ, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը, Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Մեծ  Պրիտանիոյ դեսպանատան պատուիրակութիւնը։

Այցելութեան ընթացքին, հիւրերը Սրբազան Հայրին ընկերակցութեամբ այցելեցին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր ծանօթացան անոր պատմութեան եւ ճարտարապետական ու հոգեւոր արժէքներուն։

Հանդիպման ներկայ եղան Քահաննայ Հայրերը։ 

Առաջնորդարանի Տեղեկատուական Գրասենեակ