Վրաստանի նոր Կաթողիկոս-Պատրիարք Շիո Գ.-ի ընտրութենէն ետք, Թիֆլիսի մէջ սկսած է պատրիարքարան կատարուող դիւանագիտական այցելութիւններու շարք․ Իսրայէլի, Մեծն Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դեսպանները անոր հետ ունեցած են «ծանօթացման հանդիպումներ»։ Այս մասին կը գրէ News Georgia-ն։
Պատրիարքարանի տեղեկութիւններով՝ հանդիպումները տեղի ունեցած են Յունիս 11-ին եւ ունեցած են պաշտօնական բնոյթ։ Դիւանագէտները ընդունուած են պատրիարքական նստավայրին մէջ, ուր անոնք ցաւակցութիւն յայտնած են Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ նախկին առաջնորդ Իլիա Բ.-ի մահուան առիթով եւ շնորհաւորած Շիո Գ.-ը՝ ընտրուելուն առթիւ։
Հանդիպումը անցած է բարեկամական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Քննարկուած են երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ վրացական սփիւռքին առնչուող հարցեր։