image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետը յայտարարած է հրաժարականի մասին

Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետը յայտարարած է հրաժարականի մասին

Քիր Սթարմըր Յունիս 22-ին յայտարարած է Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետի պաշտօնէն հեռանալու մասին։ Ան նաեւ հրաժարական ներկայացուցած է Աշխատաւորական (Լէյպըրիստական) կուսակցութեան առաջնորդի պաշտօնէն։

Ան Տաունինկ Սթրիթի իր նստավայրին մօտ հաստատած է, որ այս որոշումը առած է իր ցած վարկանիշի պատճառով եւ այդ մասին արդէն տեղեկացուցած է Քառլ Գ. թագաւորին։ Սթարմըր պիտի շարունակէ ղեկավարել կառավարութիւնը մինչեւ իր յաջորդի ընտրութիւնը։

Reuters-ի համաձայն՝ Սթարմըրի ժողովրդականութեան վարկանիշը հասած է իր նուազագոյն մակարդակի՝ երկու տարի առաջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Աշխատաւորական կուսակցութեան յաղթանակէն ի վեր։

Քաղաքական գործիչին վրայ ճնշումը աւելի սաստկացաւ Մայիսին տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններուն կուսակցութեան արձանագրած անյաջողութեան, ինչպէս նաեւ անոր վարած քաղաքական գիծին դէմ բողոքող կառավարութեան առանցքային անդամներու հրաժարականներու պատճառով։

Քիր Սթարմըր 2024-ին դարձած էր Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Աշխատաւորական կուսակցութեան յաղթանակէն ետք։

Վերջին տասնամեակին Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետներու վաղաժամ հրաժարականները դարձած են բրիտանական քաղաքական կեանքի յատկանշական միտումը։

 

Ի տարբերութիւն նախագահական համակարգերու, ուր գոյութիւն ունին կառավարման յստակ ժամկէտներ, Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանական համակարգին մէջ վարչապետը կը պաշտօնավարէ այնքան ռամանակ, որքան կը վայելէ խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ սեփական կուսակցութեան վստահութիւնը։ Եթէ կուսակցութեան մէջ անոր դէմ ընդվզում սկսի, անոր կը ստիպեն հեռանալու՝ առանց համապետական ընտրութիւններու սպասելու։