image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ յաջողութեամբ աւարտած է ՀԵԸ-ի տարեկան բանակումը

Մեծ յաջողութեամբ աւարտած է  ՀԵԸ-ի  տարեկան բանակումը

Օրերս մեծ յաջողութեամբ աւարտած է ՀԵԸ-ի Սկաուտ-Արենուշներու տարեկան բանակումը։ Բանակումը տեղի ունեցած է Սուրիոյ միակ հայկական աւան համարուող գեղանիստ Քեսապի մէջ։

ՀԵԸ-ի Հալէպի մասնաճիւղի Սկաուտ-Արենուշները իրենց առաջնորդ քոյր եղբայրներուն եւ Սկաուտական խորհուրդի պատասխանատուներուն հետ մեկնած էին Քեսապ՝ 24 Օգոստոս 2021-ին: Քեսապի մէջ անոնց միացած էին Դամասկոսի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի քոյր մասնաճիւղերու Սկաուտ Արենուշները։

Բանակումի մասնակցիները շուրջ մէկ շաբաթ ունեցան բազմազան յայտագիր՝ ձեռային աշխատանքներ, դաշտային խաղեր, արշաւներ, դասախօսութիւն- զրոյցներ, "work shop", երեկոյեան խրախճանքներ եւայլն:

Այս Տարի եւս ՀԵԸ-ը սկաուտ արենուշները, քոյր մասնաճիւղերու (Դամասկոսի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ և Քեսապի) արիներուն հետ յաջողցուցին սկաուտական տողանցքը Քեսապի մէջ, ուր ելոյթ ունեցան նաեւ Հալէպի եւ Լաթաքիոյ փողերախումբերը։

Անոնց բարձր տրամադրութիւնը եւ կարգապահ քայլերը ժողովուրդին յիշողութիւնը տարին դէպի անցեալի բարաւոր օրերը, ներշնչելով փայլուն ապագայի յոյսեր։

Նշենք, որ Սկաուտ-Արենուշներու բանակումին նախորդած էր Գայլիկ-Արծուիկներու հաւաքը, որոնց բանակումի վերջին օրը խարուկահանդէսին անոնց միացած էին Սկաուտ-Արենուշները: Խարոյկահանդէսի արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ միութեանական ղեկավարներ եւ ծնողներ։