image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ պայթում Թեքսասի մէջ. Կան զոհեր եւ վիրաւորներ

Մեծ պայթում Թեքսասի մէջ. Կան զոհեր եւ վիրաւորներ

ԱՄՆ-ի Տալաս քաղաքի բնակելի շէնքի մէջ պայթում տեղի ունեցած է։ Պայթումի հետեւանքով առնուազն երեք մարդ զոհուած է, հինգը՝ վիրաւորուած։ Այս մասին կը հաղորդէ CBS հեռուստաընկերութիւնը։

Պայթումի պատճառ դարձած է կազի արտահոսքը։ Պայթումի եւ բռնկած հրդեհի հետեւանքով աւելի քան 70 բնակարան ունեցող շէնքը ամբողջութեամբ ոչնչացուած է։ Հրդեհաշիջման աշխատանքներուն ներգրաւուած է 120 հրշէջ։

Կը շարունակուին փլատակներու մաքրման աշխատանքները, եւ չի բացառուիր, որ անոնց տակ մարդիկ գտնուին։