Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
🟠❗️🇰🇼🇮🇷 Քուէյթի օդակայանը կաթուածահար եղած է
Քուէյթի Քաղաքացիական Օդանաւորդութեան Գլխաւոր Վարչութիւնը յայտարարած է, որ Քուէյթի Միջազգային Օդակայանին մէջ գործադրուած է արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրը՝ ուղեւորային «T1» մասնաշէնքի թիրախաւորման հետեւանքով։ Դէպքին պատճառով դադրեցուած են ժամանող եւ մեկնող թռիչքները, իսկ շարք մը թռիչքներ փոխադրուած են այլ օդակայաններ։
📌 Երկրի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաստատած է, որ յարձակումը մեծ նիւթական վնաս հասցուցած է շէնքին, իսկ քանի մը հոգի վիրաւորուած են։ Նախարարութիւնը նաեւ շեշտած է, որ զինուած ուժերը լիակատար պատրաստականութեան մէջ են՝ հետեւելու զարգացումներուն եւ անհրաժեշտ քայլեր առնելու՝ երկրի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու համար։
📱 @Arevelkam