Օրերս Արցախ այցելած էր Հրայր Բարսումեանը, որ «Լիտերիա քափիթալ» ներդրումային ընկերութեան գլխաւոր վերլուծաբանն է եւ «Մենէյճմընթ Միքս» խորհրդատուական եւ թրէյնինկային ընկերութեան հետ համագործակցաբար կը դասաւանդէ ԵՊՀ-էն ներս:
Ան ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասադական միութեան նախաձեռնած «Արցախի երիտասարդութեան կարողականութիւններու եւ հմտութիւններու զարգացում» ծրագրի շրջածիրէն ներս կը դասաւանդէր «Պիզնես կառավարում»:
Դասախօսն Արցախ ժամանած է իր մասնագիտական գիտելիքները դասընթացի մասնակիցներուն փոխացնելու համար, հակառակ այն հանգամանքին, որ ՀՅԴ գումարտակի կազմին մէջ մասնակցած է 44-օրեայ պատերազմին, վիրաւորուած է եւ դեռ լիովին չէ ապաքինուած:
«Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ Հրայր Բարսումեանը կարեւորած է ՀՅԴ Ացախի երիտասարդական միութեան՝ Արցախի զարգացմանն ուղղուած այս ծրագիրը, եւ ընդգծած, որ իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է մասնակցելու Արցախի վերականգնման գործընթացին:
«Մեր պարտքն է կառչած մնալ այն հողին, որի համար իրենց կեանքն են տուել մեր ընկերները»,-ըսած է ան:
Մանրամասն տեսանիւթի մէջ՝