Ընկերային ցանցերու մէջ օգտատէրերը կը քննադատեն Տիկնիկային թատրոնի բեմադրիչ Ռուբէն Բաբայեանը՝ Առաջին ալիքի եթերով հարցազրոյցի ընթացքին հնչեցուցած իր կարծիքներու համար։
«Ամբաղ-զամբաղ խօսելու համար 2 տարի տալը խիստ է։ Առաջարկում եմ ներմուծել Իրանից պատժամիջոց․ ճիպոտահարել»,-այս մասին Պետրոս Ղազարեանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Բաբայեանը՝ անդրադառնալով Միքայէլ Սրբազանին։
«Կարծում եմ, որ մեր շատ ամբաղ-զամբաղ խօսողները, եթէ իմանային, որ այդպիսի պատիժ գոյութիւն ունի, կը խուսափէին դրանից։ Մի անգամ կը նշանակուէր 10 ճիպոտ, միւս անգամ՝ 15, յաջորդ անգամ հրապարակային»,- նշած է ան։