image

«Մենք հասանք մեր նպատակին». Նաթանիահուի գրասենեակ

«Մենք հասանք մեր նպատակին». Նաթանիահուի գրասենեակ

Իսրայէլը համաձայնած է Թրամփի հրադադարի առաջարկին, յայտնած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակը:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Թել Աւիւը հասած է իր նպատակներուն. Իրանի կողմէ միջուկային եւ հրթիռային սպառնալիքը վերացուած է։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Թրամփ գրած էր. «Կը շնորհաւորենք բոլորը: Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ լիակատար պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է կրակի ամբողջական դադրեցման վերաբերեալ․12 ժամուամ ընթացքին, որմէ ետք պատերազմը պիտի համարուի աւարտած»: