image

«Մենք Ատրպէյճանին Խաղաղութեան Պայմանագրի նոր առաջարկներ ներկայացուցած ենք». Փաշինեան

«Մենք Ատրպէյճանին Խաղաղութեան Պայմանագրի նոր առաջարկներ ներկայացուցած ենք». Փաշինեան

Հայաստան ատրպէյճանական կողմին փոխանցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նոր առաջարկները: Այս մասին այսօր՝ 24 օգոստոսին, Կառավարութեան հերթական նիստին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան 16 փետրուարի նիստին յայտարարած էր, որ Երեւան աւարտած է Պաքուի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ աշխատանքի հերթական փուլը՝ ատրպէյճանական կողմին փոխանցելով իր առաջարկները: 2022 թուականի մարտին Պաքուն Երեւանին փոխանցած էր յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հինգ կէտէ բաղկացած իր առաջարկը: Հայկական կողմը շտկումներ աւելցուցած էր եւ ուղարկած իր տարբերակը։