Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ առաջիկային պիտի ըլլան քատրային փոփոխութիւններ։
«Բանակի մասով, այո՛, ես ասեմ նաեւ, որ առաւօտեան իրադրութիւնը քննարկել ենք պաշտպանութեան նախարարի հետ։ Այսօր եւ առաջիկայում կը լինեն որոշակի կադրային լուծումներ այն մարմիններում, որոնք անմիջապէս պատասխանատու են տուեալ խնդրի վերաբերեալ»,- նշած է վարչապետը ՝ անդրադառնալով բանակի մէջ խաղաղ պայմաններու մէջ մահերու հարցին, եւ աւելցուցած, որ արդէն որոշում կայացուցած է Ռազմական ոստիկանութեան մէջ փոփոխութիւն կատարելու։
«Ես որոշումը կայացրել եմ արդէն։ Ռազմական ոստիկանութիւնում փոփոխութիւն կ՚ունենանք, Զինուած ուժերի բարոյահոգեբանական ապահովման վարչութիւնում փոփոխութիւն կունենանք։ Նաեւ մանրամասն կը վերլուծենք, թէ ինչու այդ ուղղութեամբ մեր գործադրած ջանքերը մեզ համար ցանկալի արդիւնքներ չեն տալիս, եւ հետեւութիւններ կը բխեն։ Այո՛, անհատական պատասխանատւութիւն պէտք է լինի»,- շեշտած է վարչապետը։