image

ԱՄՆ եւ Գանատայի «ԹՄՄ»-ը Յանուն Արցախցիներուն

ԱՄՆ եւ  Գանատայի «ԹՄՄ»-ը Յանուն Արցախցիներուն

Օրերս, ընթացք առած է Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան վաչութեան կողմէ նախաձեռնուած բռնագաղթած արցախցիներու անհատական օգնութեան ծրագիրը:

Այս մասին «Արեւելք»  կը  տեղեկանայ խմբագրութեանս  առաքուած   հաղորդագրութիւնէն՝ 

Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութիւնը  տասնամեակներ շարունակ Հայաստանին եւ Արցախին օժանդակելու մեծ փորձ ունի, շուրջ 30 տարի բազում ծրագիրներ իրականացուցած է ու կը շարունակէ իրականացնել:

2023 թուականի 19-20 սեպտեմբերին, Արցախը  ապրեցաւ ողբերգական օրեր:

Արցախահայութիւնը, Ատրպէյճանի կողմէ 9 ամիս շարունակ շրջափակման մէջ ըլլալով, տոկաց, դիմացաւ, զրկանքներով  յաղթահարեց սովն ու ցուրտը, ունենալով նպատակ, որ երեք հազարամեակ իր պապենական հողի վրայ ապրելով՝ իրաւունք ձեռք բերած է մնալու եւ ապրելու իր հողին վրայ:

Ատրպէյճան, նախ շրջափակման ենթարկելով, սովի մատնեց  ժողովուրդը, այնուհետեւ լայնածաւալ անսպասելի ու ուժգին յարձակում սկսաւ  Արցախի վրայ՝ ռմբակոծելով բնակավայրեր, դպրոցներ, հիւանդանոցներ:

24 ժամուան ընթացքին արցախահայութիւնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով 100 տոկոսով դատարկուեցաւ: Արցախցիները ստիպեցին բռնագաղթել իրենց Հայրենիքէն։

Նոյն օրը լուր տարածուեցաւ մէկ այլ սարսափելի արհաւիրքի մասին. Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհի հատուածին՝ վառելիքի պահեստին մէջ պայթում տեղի ունեցաւ, որուն յաջորդեց սոսկալի հրդեհ։ Արցախցիները՝ մեծ մասամբ տղամարդիկ, եկած էին պենզին տանելու, որպէսզի կարողանան ժամանակին հեռանալ Արցախէն։ Պայթումի ու հրդեհի հետեւանքով 200-էն աւելի մարդ զոհուած է, կան հարիւրաւոր անհետ կորածներ։ Տեղանքէն տարհանուած է 140 այրուած մասունք։

Յաջողեցան երկու օրուան ընթացքին պայթումէն տուժածները հասցնել Հայաստանի հիւանդանոցներ։  

Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը (ԹՄՄ) որոշեց նախ օգնութիւն տրամադրել Երեւանի Այրուածքաբանութեան կեդրոնը բուժուող  արցախցիներուն:

Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի ԹՄՄ վարչութեան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Գայիանէ Մուրատեան կը պատմէ.-

Ես չորս օր շարունակ կ'երթայի հիւանդանոց եւ ընդունարան կը հանդիպէի, կը խօսէի հիւանդապահ մայրերու, քոյրերու, կանանց, պապիկներու  կամ ողջ մնացած տատիկներու հետ …  իրենցմէ կը վերցնէի անհրաժեշտ  տեղեկութիւնները, որպէս նուիրատուութիւն՝ դրամատնային հաշւոյն փոխանցուած գումարները ընտանիքներուն տրամադրելու համար: Փոխանցումները կատարուած են 2023 թուականի 9 հոկտեմբերին:

Յատկացուած օգնութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի ԹՄՄ հայաստանեան ներկայացուցչութեան  դրամատնային հաշուեհամարէն փոխանցուած է շահառուի դրամատնային հաշւոյն: 

Ծանր այրուածքներ ստացած հիւանդներէն քանի մը հոգին   բժիշկի երաշխաւորութեամբ  տեղափոխուեցան Ֆրանսա, Գերմանիա, եւրոպական այլ երկիրներ՝ բուժումը շարունակելու։ Ցաւօք, անոնք, որոնց մարմինի 60 տոկոսէն աւելին այրած էր, մահացան։

Գաբրիէլեան Նարեկը (27 տարեկան) կը խնամուէր քրոջը՝ Էգնարայի կողմէ, ան ամէն առտու եղբօր համար սնունդ կը բերէր, ողջ օրը կը նստէր կողքին, կը կերակրէր ու հոգ կը տանէր:

Սաղաթէլեան Լեւոնի (25 տարեկան)  եւ եղբօր՝ Վրէժի (24 տարեկան)  ձեռքերն ու դէմքը այրած էին։ Մայրը՝ Կարախանեան Մարինէն,  մէկ Լեւոնին մօտ կը վազէր՝ Այրուածքաբանական, զայն կերակրելու,  մէկ ալ՝ մաշկաբանական հիւանդանոց՝ խնամելու Վրէժը:

Առուստամեան Մհերը (55 տարեկան)   կը խնամուէր մասնագիտութեամբ բժիշկ որդիին՝ Գուրգէնի կողմէ, ան դասի չէր երթար, սպիտակ խալաթը հագած կու գար կը կանգնէր բժիշկներու կողքին եւ կ'օգնէր վիրակապելու հիւանդները։

Մարտիրոսեան  Մհերը (27 տարեկան)  կը խնամուէր քրոջը՝ Մարինէին կողմէ, Խաչատրեան Եգորը (30 տարեկան) կը խնամուէր կնոջ՝ Սնեժաննայի կողմէ։ Ամուսինը շատ ծանր վիճակի մէջ էր, կը խնդրէր ինձմէ միջնորդել արտասահման տեղափոխուելու եւ բուժումն այնտեղ շարունակելու։

Բոլորին հետ հարազատական կապ կը զգայի եւ այդ օրերուն կ'ապրէի անոնց հոգերով։ Անընդհատ կը հարցնէի՝ ինչպէս անցած է վիրահատութիւնը, գիշերն ինչպէս անցուցած է…

Հզօր ու հպարտ արցախցին տոկունութիւն ու լաւատեսութիւն կը ներշնչէր՝ փառք տալով Աստծոյ, որ իր հայրը, որդին, եղբայրը գոնէ ողջ մնացած է։ Թէկուզ այրուածքներով, որոնք յետոյ խոր սպի պիտի դառնան, բայց գոնէ ողջ է։ Խնամողներէն շատերը երեխաները իրենց հետ կը բերէին եւ քանի մը ժամ կը մնային նստած աթոռներուն՝ բժիշկներէն լաւ լուր մը ստանալու յոյսով …

Արցախահայերու օգնութեան ծրագիրները կը շարունակուին:

Եթէ կը ցանկաք օգնել մեր հայրենակիցներուն,

ԱՄՆ –ի մէջ նուիրատուութիւնները ուղարկել հետեւեալ հասցէով. Tekeyan CulturalASssociation Artsakh Aid, 755 Mount Auburn Street, Watwrown MA 02472, https://givebutter.com/ AGuStb,

իսկ Գանատայի մէջ՝ Tekeyan CulturalASssociation Artsakh Aid, 825 Manougian Str., Ville Saint-Laurent, Quebec H4N 1Z5, Canada հասցէով, https:// www.con vergepay. Com/hoted- payments/?ssl-tsn-auth-token=khtGf%2FjkTgWma7CEev3bQaaayrSp5tT#!/payment-method