«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ընտրական ցուցակը գլխաւորող Նարեկ Կարապետեանը ՀՀ Ազգային ժողովի յունիս 7-ի ընտրութիւններուն քուէարկած է Տաշիրի մէջ։
Քուէարկութենէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին Նարեկ Կարապետեանը նշած է, որ քուէարկած է յանուն մեծ փոփոխութեան եւ վերակառուցուող Հայաստանի։
«Յանուն Հայաստանի, որտեղ հայերը հիմնականում զբաղուած են իրենց երկիրը վերակառուցելով եւ ոչ թէ իրար վատութիւն անելով, իրար հետ կռուելով, հակադրուելով։ Վերակառուցենք, վերջապէս թոթափենք մեր վրայից այս հակադրութիւնների ընդհանուր ֆոնը, եւ մեր երկիրը դարձնենք լուրջ զարգացող, նաեւ այնպիսի ուժեղ երկիր, որ վաղը, միւս օրը մեր սերունդներն էլ աւելի ուժեղացնեն եւ ոչ թէ նոյն խնդրի առաջ կանգնեն»,-ըսած է Կարապետեանը՝ յորդորելով ընտրողները երթալու քուէարկութեան։