Անցեալ շաբաթ, Արտակարգ Իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն գնդապետ՝ Մեխակ Արզումանեան ընդունած է ՌԴ ԱԻ նախարարութեան հաւաքական խումբի աւագ, զօրավար՝ Վլատիսլավ Կատէեվի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Գործընկեր կառոյցներու միջեւ ստեղծուած է անմիջական 3 խումբ, որոնք ընդգրկուած են ճարտարագիտական հետախուզական-ականազերծման աշխատանքներու, մարդասիրական առաքելութեան ծրագրերու եւ անվտանգութեան նկատառումներով՝ հերթապահ ծառայութեան մէջ: Համատեղ աշխատանքի մեկնարկը տրուած է այսօր:
Շաբթուայ ընթացքին, ԱԻ ծառայութեան ականազերծման ջոկատները Ստեփանակերտի եւ յարակից տարածքներու, Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջաններուն մէջ շարունակած են զէնք-զինամթերքի յայտնաբերման, զանոնք պահեստաւորման կամ վնասազերծման գործընթացը:
Արձանագրուած է մէկ արտակարգ պատահար: Մարտակերտի մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարելու ժամանակ թրաքթորով ականի վրայ պայթած է մէկ քաղաքացի: Փճացած է մեքենան: Բարեբախտաբար, անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար: