Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կոչ ըրած է Իրանի մէջ գտնուող իր քաղաքացիներուն անյապաղ լքելու երկիրը Թուրքիոյ կամ Հայաստանի ցամաքային սահմաններով։
Դեսպանատունը նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները պէտք է դիտարկեն այլընտրանքային ուղիներ՝ Ատրպէյճան մուտք գործելու սահմանափակումներու պատճառով։
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգները, Գանատան, Նոր Զելանտան, Իրլանտան, Ճափոնը, Գերմանիան, Ֆրանսան, Հնդկաստանը նոյնպէս կոչ ըրած են իրենց քաղաքացիներուն լքելու երկիրը։ Մեծ Բրիտանիան ժամանակաւորապէս փակած է դեսպանատունը Իրանի մէջ եւ տարհանած դիւանագէտները: