image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ն կոչ ըրած է իր քաղաքացիներուն անյապաղ լքելու Իրանը

ԱՄՆ-ն կոչ ըրած է իր քաղաքացիներուն անյապաղ լքելու Իրանը

Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները պէտք է անյապաղ լքեն Իրանը։ Ամերիկացիները պէտք է դիտարկեն Իրանէն ցամաքային ճանապարհով դէպի Հայաստան կամ Թուրքիա լքելու հնարաւորութիւնը։ Այս մասին ըսուած է Իրանի մէջ Միացեալ Նահանգներու առցանց դեսպանատան տարածած յայտարարութեան մէջ։

«Մշակեցէք Իրանէն դուրս գալու ծրագիր, որ կախուած չէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան օգնութենէն»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Բացի այդ, դեսպանատունը նախազգուշացուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները պէտք է Իրանի տարածքին մէջ համացանցի աշխատանքի խափանումներ ակնկալեն:

«Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները Իրանի մէջ ձերբակալման մեծ վտանգի կ՚ենթարկուին, իսկ ամերիկեան անձնագրի կամ Միացեալ Նահանգներու հետ կապերու ցուցադրումն ինքնին կրնայ ձերբակալման պատճառ դառնալ»,-ընդգծած է դիւանագիտական ներկայացուցչթիւնը: