image

Մաքրոն եւ Սի Ծինփին հանդէս եկած են 1967-ի սահմաններով անկախ Պաղեստին պետութեան ստեղծման օգտին

Մաքրոն եւ Սի Ծինփին հանդէս եկած են 1967-ի սահմաններով անկախ Պաղեստին պետութեան ստեղծման օգտին

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան ղեկավար Սի Ծինփին հանդէս եկած են 1967 թուականի սահմաններով անկախ Պաղեստին պետութեան ստեղծման օգտին։ Առաջնորդներու համատեղ յայտարարութիւնը հրապարակած է Չինաստանի կեդրոնական հեռուստատեսութիւնը (CCTV): 

«Երկու պետութիւններու ղեկավարները կոչ ըրած են վերսկսելու քաղաքական գործընթացը, յստակ իրագործելու «երկու պետութեան ստեղծմամբ» լուծումը՝ այն երաշխիքներով, որ Իսրայէլն ու Պաղեստինը գոյակցին խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պայմաններուն մէջ եւ որ ստեղծուի կենսունակ, անկախ եւ ինքնիշխան Պաղեստին պետութիւն 1967 թուականի սահմաններով», -ըսուած է Սի Ծինփինի Ֆրանսա կատարած այցէն ետք Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ համատեղ յայտարարութեան մէջ։

Քաղաքական գործիչները համաձայնած են, որ որոշումը միակ միջոցն է՝ արձագանգելու պաղեստինեան եւ իսրայէլեան ժողովուրդի «օրինական ակնկալիքներուն»՝ կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար: