ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովի նախագահ Ապտուլլա Շահիտը Twitter-ի իր էջէն հեռացուցած է Ծիծեռնակաբերդ կատարած այցի մասին գրառումը։
Նշենք, որ Ապտուլա Շահիտը գրառման մէջ տեղեկացուցած էր, որ այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ դրած։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած էր Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկի ղեկավարութեան ճանաչողական շրջայց կազմակերպելու համար։
Յիշեցնենք, որ Ապտուլլա Շահիտն երէկ հանդիպած է նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեանի հետ։
.jpg)